• Եկէք Անկեղծ Խօսինք #19 - Հրակ Փափազեան
    Nov 22 2024

    🇹🇷🇬🇪Ո՞վ եւ ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար է, որ կ՚ըսենք՝ «Ծնած է Պոլիս, եւ մեռած է Թիֆլիս»։

    Ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ հետդ, երբ կը գտնուիս լերան գագաթին եւ երբ խօսակիցդ՝Թուրք է։

    Մենք ճանչցա՞ծ ենք թուրքը եւ Թուրքիան։

    Ո՞ւր է «մեր» տունը եւ ի՞նչ ընել այդ «տան զգացում»ը ապրելու համար։

    🇦🇲Ի վերջոյ ինչո՞ւ անցնող տարիները սպառումի եւ մաշումի տարիներ եղան։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան խօսած է երիտասարդ մտաւորական, համալսարանի դասախօս՝ Հրակ Փափազեանին հետ։

    Show more Show less
    48 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #18 - Գէորգ Եազըճեան
    Nov 15 2024

    🇸🇾🇱🇧Քեսապ-Պէյրութ ճանապարհներէն ի՞նչ յիշողութիւններ ունի ան։

    Ի՞ նչ ըսաւ արաբ գիւղացին եւ ինչո՞ւ զարմացաւ ինք։

    🇦🇲Հայութեան այսօրուայ մարտահրաւէրները։

    Կարգապահութիւն ու օրէնք յարգելը կարեւոր են։

    🇩🇪🇯🇵Գերմանիան ու Ճաբոնը ինչպէ՞ս կրցան դուրս գալ աղէտներէ։

    Այսօրուայ պայքարն ինքնութեան համար է։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է հրապարակախօս, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի հետ

    Show more Show less
    40 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #17 - Ստեփան Փարթամեան
    Nov 8 2024

    Ո’չ կրօնքը, ո’չ պատմութիւնը, այլ մշակոյթն է, որ կրնայ փրկել հայութիւնը։

    🇦🇲Մենք այսօր մշակոյթ չունինք եւ մեր մշակոյթը հայկական չէ...

    🇦🇲Երեւանը այսօր «շաուրմայանոց» դարձած է։

    🇨🇳Օր պիտի գայ, երբ Երեւանի բոլոր ցուցանակները չինարէնով պիտի գրուին։

    Այսօր մենք ցաւ «չունինք», եւ բոլորը ուրախ են։

    🇺🇸Անոնք, որ մօրս հայհոյած են, զիրենք «Foreston» ղրկած եմ։

    ⭕️Սագօ Արեան «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ով զրոյց մը ունեցած է Ստեփան Փարթամեանին հետ․

    Show more Show less
    41 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #16 - Արէն Տէյիրմենճեան
    Nov 2 2024

    🇦🇲Ի՞նչ պայմաններու տակ Հայաստանը նոր էջ մը բացաւ Արէն Տէյիրմենճեանի կեանքին մէջ։

    Հայաստանի համար մեծ գործ կայ ընելիք։

    Մեր երկիրը կարիքն ունի ուշադրութեան, որ վաղուան օրը չղջանք։

    Ուր ալ աշխատիս, պարտաւոր ես արհեստավարժ ըլլալ։

    🇦🇲Մեր խօսակիցին մեծ երազն է, որ տարիներ անց Հայաստանը դառնայ այն երկիրը, ուր բոլոր հայերը փափաքին ապրիլ։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ ՝Արէն Տէյիրմենճեանին հետ։

    Show more Show less
    34 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #15 - Թամար Նաճարեան-Իսաճանեան
    Oct 19 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Թամար Նաճարեան-Իսաճանեանին հետ։

    ❓📖Ինչ պայմաններու տակ գիրքը դարձաւ սիրելի։

    Իւրաքանչիւր տան մէջ, գիրքին հանդէպ սէրը «փոխանցիկ» պէտք է ըլլայ եւ մեր խօսակիցի պարագային այդ «փոխանցում»ը կատարած է Թամարի մայրիկը։

    🇦🇲📚Ի՞նչ կը յիշենք այն գրադարարններուն մասին, որ կը գտնուին հայկական դպրոցներուն մէջ, եւ որոնք յաճախ անտեսուած կ՚ըլլան։

    💟Իրար հանդէպ սէրը ամէնէն աւելի կարեւորն է, այսօր հայութեան մէջ հիմնականին մէջ սիրոյ պակասն է։

    Ինչ պայմաններու բերումով եւ ինչու համար շարք մը մարդիկ, որոնք հայրենասէր կը ներկայանան այսօր բռնած է գաղթի ճամբան։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է Թամար Նաճարեան-Իսաճանեանին հետ։

    Show more Show less
    36 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #14 - Ասպետ Քոչիկեան
    Oct 11 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ըԱսպետ Քոչիկեանին հետ

    - Ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն.

    -Քաղաքական լուրեր եւ անկէ հեռու մնալու որոշում

    -Ոչ ոք չի կրնար նոյն գետին մէջ մտնել, որովհետեւ ո՛չ մարդը նոյնն է, ո՛չ ալ՝ գետը։

    🇦🇲Բոլորը «մասնագէտ» են այս օրերուն, առաջ կային «քովիտագէտներ», հիմա՝ «խաղաղագէտներ» եւ «պատերազմագէտներ»։

    ❓Եւ ի վերջոյ, ո՞ւր է Վահէ Պէրպէրեանի ըսած The place where the donkey died -ը:

    ⭕️Թեմաներ, որոնց մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է քաղաքագէտ Ասպետ Քոչիկեանին հետ։

    Show more Show less
    43 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #13 - Ժիրայր Չոլաքեան
    Oct 4 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Ժիրայր Չոլաքեանին հետ

    👨🏼‍🦳«Հոբար ջան» ըսելով վիրաւորական է՞ կամ ոչ։

    📝Լեզուն ինքը մշակոյթն է։

    Մշակութային կոթողները պէտք է պաշտպանուին,, բայց լեզուն չպէտք է մոռացութեան մատնուի։

    🇦🇲Արեւմտահայերէնի գծով Հայաստանի մէջ շատ ընելիք կայ, մեծ աշխատանք կայ։

    Արեւմտահայերէնը այսօր բացակայ է Հայաստանի մէջ եւ այս առումով Սփիւռքը մեծ ընելիք ունի։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Ժիրայր Չոլաքեանին հետ։

    Show more Show less
    39 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #12 - Կարօ Փայլան
    Sep 27 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Կարօ Փայլանին հետ

    Վարժ ենք օտարները մեղադրել եւ վարժ ենք մանաւանդ զիրար մեղադրել։

    Այն խորհրդարանը, որուն անդամն էի, շատ աւելի տարբեր էր այսօրուան խորհրդարանէն:

    🇺🇸🇹🇷Ամերիկան չպատժեց Թուրքիան. ինչո՞ւ. պատճառները յստակ են։

    Խաղաղութի՞ւն, թէ՞ պատերազմ․․․

    Էրտողան միայն իր շահերուն մասին կը խորհի։

    🇹🇷🇷🇺Թուրքիան այսօր շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ։

    🇹🇷🇺🇸Թուրքիան երբեք պիտի չպատժուի Ամերիկայի կողմէ։

    🇦🇲Բոլորս կըսենք հոն նայինք, Ամերիկա կամ Ռուսիա նայինք, իսկ ես կ՚ըսեմ՝ եկէք դէպի Երեւան նայինք։

    ⭕️Այս թեմաների մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է քաղաքական գործիչ, Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախկին անդամ՝ Կարօ Փայլանին հետ։

    Show more Show less
    32 mins